2016-12-10 09:22:00

10 դեկտեմբերը` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Դեկտեմբեր 10-ին ամբողջ աշխարհը կը նշէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը, որ կը յիշատակէ 1948-ի դեկտեմբերի 10-ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ Փարիզի մէջ վաւերացուած` ''Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը''։ Փաստաթուղթ մը, որուն մէջ առաջին անգամուան համար  ամրագրուեցան մարդու և անհատի հիմնական իրաւունքները: 

Հռչակագիրը թարգմանուած է է 375 լեզուներով ու բարբառներով և կը համարուի իրաւունքներու առաջին համաշխարհային սահմանումը, որով օժտուած են բոլոր մարդիկ։

Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ տեղի կ՛ունենայ ՄԱԿ-`ի 2015-ի մարդկային իրաւունքներու մրցանակի տուչութիւնը։ Մրցանակը առաջին անգամ տրուեցաւ 1968-ին` Մարդկային Իրաւունքներու հռչակագիրի ընդունման 20-րդ տարեդարձն առթիւ եւ ամէն հինգ տարին անգամ մը կը շնորհուի այն անձնաւորութիւններուն կամ կուսկազմակերպութիւններուն որոնք մարդու իրաւունքներու ի պաս ձեռքբերումներ կ՛իրականացնեն։

Այս առընչութեամբ յայտնենք թէ անցեալ չորեքշաբթի օր` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ներկայացուցած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ի սպաս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հաստատելով թէ ոչ մէկ անհատ զերծ մնալու է այդ հիմնական իրաւունքներու փաստացի ճանաչումէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.